գրքեր


Օրագիր 1943-2000

Կարպիս Սուրենյան

2005

«Սարգիս Խաչենց» հրատարակչություն, Երեւան


Ներգաղթը, որքան ալ քիչ մը անհաւատալի թուի տակաւին, իրականութիւն է արդէն։ Պէյրութէն երկրորդ նաւն ալ մեկնած է՝ երկրորդ կարաւանը։ Եւ «ներգաղթ» բառի փոխարէն, որ իրօք ալ տհաճ երանգ մը ունի (գաղթ), սկսած է հնչել «հայրենադարձութիւն» բառը, որ պատմական մեծ իմաստով ճիշդ է անշուշտ, բայց մասնաւոր իմաստով մը կը խոցէ, կը մտահոգէ նոյնիսկ, որովհետեւ այս արեւմտահայ զանգուածները փաստօրէն չեն «հայրենադարձեր» իրենց բազմադարեան բնօրրանը, ուրկէ տեղահանուած են ընդամէնը երեսուն տարի առաջ։